2011-05-23 13:01:57

 Կիպրահայութիւնը Կը Վերընտրէ Վարդգէս Մահտեսեանը՝ ` Յաւելեալ Մեծամասնութեամբ։


Կիրակի 22 Մայիս, Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնց առընթեր` նաեւ փոքրամասնութիւններու պետական ներկայացուցիչներու ընտրութիւնները:
Հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչի պաշտօնին ՀՅԴ-ի թեկնածուն էր Վարդգէս Մահտեսեան. առաջադրուած էր նաեւ Անդրանիկ Աշճեանի թեկնածութիւնը:
Քուէարկութիւնը վերջ գտաւ Վարդգէս Մահտեսեանի եւ ՀՅԴ-ի ջախջախիչ յաղթանակով` 68-32 համեմատութեամբ:







All the contents on this site are copyrighted ©.